2014-08-17 10:22:29

Ֆրանչիսկոս Պապի 17 օգոստոսի թուիթները` ''Աղօթենք որպէսզի Եկեղեցին ըլլայ աւելի սուրբ'' եւ ''Աստուծոյ ողորմութիւնը մեր փրկութիւնն է''։


Կիրակի, 17 օգոստոսին, ֆրանչիսկոս Պապը իր թուիթերեան կայքին մէջ հրատարակեց երկու նոր թուիթներ որուն առաջինին մէջ խնդրեց աղօթել որպէսզի եկեղեցին ըլլայ աւելի սուրբ եւ աւելի խոնարհ ծառայելով աղքատներուն իսկ երկորդին մէջ քաջալելեց հաւատացեալները` Աստուծոյ ողորմութիւնը անխոնջ կերպով տարածելու համայն աշխարհին մէջ։

''Աղօթենք որպէսզի Եկեղեցին ըլլայ միշտ աւելի սուրբ եւ աւելի խոնարհ ու գինտայ սիրել զԱստուած ծառայելով աղքատներուն, առանձնութեան եւ հիւանդութեան մէջ ապրողներուն'' գրեց Նորին Սրբութիւնը հրատարակած իր առաջին թուիթին մէջ իսկ երկորդին մէջ նշեց ` ''Աստուծոյ ողորմութինը մեզ կր փրկէ. Երբեք՝ չյոգնինք աշխարհի մէջ տարածելու այս ուրախալի պատգամը''։







All the contents on this site are copyrighted ©.